Իր ուղղած պատգամին մէջ Ատվենիադի նախագահ Գերապայծառ ֆրանց Ժոզէֆ Օվերբեքին, Նորին Սրբութիւնը
իր երախտագիտութիւնը ու գնահատանքը կը յայտնէ Լատինամերիկայի եկեղեցւոյ կարօտեալ զաւակներուն
բերած նպաստին համար։ Նշենք որ Ատվենիադ բարեսեիրական մարմինը նախաձեռնութիւնն է Գերմանիոյ
եպիսկոպոսներուն։ Անիկա Հիմնուեցաւ 1961-ի Յիսնակացին, երբ գերմանացի եպիսկոպոսները որոշած
էին Ծնունդի դրամահաւաքը վերապահել Լատին Ամերիկայի թեմերու հովուական գործերուն ի նպաստ։